1891ի այս օրը՝ Յունիս 8ին (հին տոմարով՝ Մայիս 27ին), 48 տարեկանին, ծայր աստիճան չքաւորութեան մէջ եւ հիւծախտի հետեւանքով ուժաքամ եղած, հայ կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ մեծ Մարդ մը եւ նոյնքան մեծ Հայ մը՝ Յակոբ Պարոնեան։

Ապաժամ եւ դժբախտ մահ ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան, բայց միայն մարմնապէս հեռացաւ հայ իրականութենէն, որովհետեւ կարճատեւ իր կեանքով իսկ կրցաւ նուաճել անմահութեան արժանի գրական հարստութիւն մը եւ մնայուն տեղ գրաւել մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ։
Հայուն երգիծական հանճարը մարմնաւորող Մեծութիւնը եղաւ Պարոնեան, որ ժամանակներէն վեր կանգնած եւ անանց ճշմարտութիւններ վերծանող իր գրականութեամբ նաեւ հայ մտքի՛ Հսկայ մը դարձաւ՝ մեր ժողովուրդի ազգային ու քաղաքացիական զարթօնքին մէջ մեծակշիռ ներդրում կատարելով։

Որքան ժամանակը թաւալի, այնքան կենսայորդ եւ գունագեղ կը դառնան Պարոնեանի երգիծանքով յաւերժացած կերպարներն ու բարքերը հայ կեանքի։

Նոյնպէս, իրենց այժմէական իմաստն ու թելադրականութիւնը աւելիով կը շեշտեն Պարոնեանի պաշտպանած գաղափարներն ու սկզբունքները։
Համոզումի, սկզբունքայնութեան, ինքնահաւատարմութեան եւ անհաշտ Պայքարի մարդը եղաւ Յակոբ Պարոնեան։ Անխնայ ձաղկեց եւ սուր քննադատութեամբ մերկացուց 19-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ իրականութեան արատները՝ հաւասարապէս ազգային ու հասարակական, անհատական եւ ընտանեկան, քաղաքական ու հասարակական ընդգրկումով։ Դատապարտուեցաւ, հալածուեցաւ եւ ծանրագոյն թշուառութեան մատնուեցաւ, բայց երբեք չհաշտուեցաւ ազգային սնափառութեան եւ օտարամոլութեան երեւոյթներուն հետ, քաղաքացիական ստրկամտութեան եւ կեղծ ազգասիրութեան հետ, խաւարամտութեան, քաղքենիութեան եւ դրամապաշտութեան հետ, անհատական թէ ընտանեկան՝ հասարակական բարոյականի խաթարումներուն հետ։

Աւելի՛ն. թէեւ իր ապրած ժամանակաշրջանին շեշտակի եւ իրապաշտ կնիքը կրեցին Պարոնեանի յաւերժացուցած «Պաղտասար Աղբար»ն ու «Աբիսողոմ Աղա»-ն, «Ազգային Ջոջեր»-ն ու «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»-ը, կամ «Հոսհոսի Ձեռատետր»-ի եւ «Քաղաքավարութեան Վնասներ» ու հերոսներն ու բարքերը, այսուհանդերձ՝ այդ ամէնուն մէջ, իր սրատեսութեամբ եւ խորաթափանցութեամբ, Յակոբ Պարոնեան գտաւ եւ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին կտակեց բոլոր ժամանակներուն համար իրա՛ւ ու մնայո՛ւն ճշմարտութիւններ, մանաւանդ՝ մեր թերութիւններն ու վէրքերը լացի փոխարէն ծիծաղով դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու մեծագոյն պատգամը։

Անհամեմատօրէն բուռն եղաւ Պարոնեանի սուր քննադատութեան արժանացած շրջանակներուն հակազդեցութիւնը։ Թէեւ ոչ մէկ ուժ կրնար լռութեան մատնել Պարոնեանի խայթող լեզուն, բայց նիւթական ճնշումներու տակ շարունակ խափանուեցաւ անոր հրապարակագրական գործունէութիւնը։ Նաեւ՝ նիւթապէս ծայր աստիճան անձկութեան մատնուեցաւ հայ երգիծական գրականութեան հիմնադիրն ու վարպետը։ Քայքայուեցաւ անոր առողջական վիճակը։ Բայց Պարոնեան շարունակեց նոր էջերով հարստացնել հայ երգիծագրութեան ժառանգութիւնը։
Հիւծախտը իր աւերը գործեց եւ, 1891-ի Յունիս 8-ին, Հայու Երգիծական Հանճարին ճառագայթումը մարմնաւորող Յակոբ Պարոնեան առյաւէտ փակեց իր աչքերը, սերունդներուն ժառանգ ձգելով իր սրատես ու խորաթափանց հայեացքով շնչաւորուած անկորնչելի ճշմարտութիւններ։

Պարոնեան գրեց բոլոր ժամանակներուն համար եւ երբեք զարմանալի չէ, օրինակ, որ Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական վերջին ընտրութեանց նախօրեակին, նորովի թափ առած համատարած կաշառքի եւ քաղաքական խաթարուածութեան (կոռուպցիա) վերաբերեալ իր ախտաճանաչումները հիմնաւորելու համար, հայրենի մեկնաբան մը կը դիմէր մեր ժողովուրդի մեծ երգիծագրին հետեւեալ սրամիտ ակնարկութեան.

- «Եթէ այն ատեն դրամ եղած ըլլար, Ադամ եւ Եւան դրախտէն դուրս չէին ելներ. դրախտին դուռն կայնող պահապանին քանի մը դահեկան կու տային եւ մինչեւ այսօր դրախտին մէջ կը մնային»։

Հանճարեղ երգիծագիրը ի վերուստ օժտուած էր այդպէ՛ս՝ քանի մը տողով եւ ամենայն պարզութեամբ ու խորութեամբ ամբողջ ճշմարտութիւն մը յաւերժօրէն քանդակելու տաղանդով։

2 Նոյեմբեր 1843-ին Ադրիանուպոլիս (Էտիրնէ) ծնած, Յակոբ Պարոնեան յատուկ ուսում չունեցաւ։ Աւարտեց իր ծննդավայրի Արշակունեան վարժարանը, ուր աշակերտեց «Պօղոս վարժապետին»՝ հետագայի Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքին։ 1857-ին ընդունուեցաւ տեղւոյն յունական դպրոցը, բայց տարի մը ետք, իր իսկ խոստովանութեամբ հազիւ «յունարէնի դժուարութիւնը սորված», վերջ տուաւ ուսումնական կեանքին ու նետուեցաւ աշխատանքի ասպարէզ։

1863ին տեղափոխուեցաւ Պոլիս եւ ապրուստը ապահովելու համար բախտը փորձեց տարբեր ասպարէզներու մէջ՝ ինքնազարգացման կարեւոր տեղ տալով եւ ժամանակ յատկացնելով։ Եղաւ հեռագրատան պաշտօնեայ, զբաղեցաւ հաշուապահութեամբ ու գրագրութեամբ, կարճ ժամանակի համար Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնեայ դարձաւ, նաեւ ուսուցչութիւն ըրաւ։ Բայց ոչ մէկ գործի փարեցաւ այն բաւարարութեամբ, որ գտաւ մամուլին ու հրապարակագրութեան մէջ։

1872-ին սկսաւ Պարոնեանի հրապարակագրական գործունէութեան առաջին շրջանը, երբ երգիծական «Մեղու» թերթի արտօնատէր Յ. Սվաճեան իր երբեմնի աշխատակիցին՝ Յակոբ Պարոնեանի վստահեցաւ թերթին խմբագրութիւնը։ 1874ին, օսմանեան գրաքննութեան հետ իր առաջին դժուարութիւնը դիմագրաւելով, Պարոնեան իր խմբագրութեան յանձնուած թերթին «Մեղու» անունը փոխարինեց «Թատրոն»ով, որուն հրատարակութեան երեք տարիները (մինչեւ 1877) զուգադիպեցան ռուս-թրքական պատերազմին եւ նուիրագործեցին Պարոնեանի տաղանդը քաղաքական երգիծանքի մարզին մէջ։

Հայկական Հարցին նկատմամբ եւրոպական պետութիւններու ցուցաբերած դիւանագիտական նենգամտութիւնը, Սուլթանի կառավարութեան գործադրած բռնութիւններն ու ծաւալած հակահայ հալածանքները, ինչպէս նաեւ՝ հայ ազգային իշխանութեանց ղեկին կանգնած կղերական թէ աշխարհական գործիչներու կեղծաւորութիւնը, ժողովուրդէն կտրուած եւ եսապաշտ վարքուբարքը, բոլորը առաւելագոյն սրութեամբ քննադատութեան ենթարկուեցան Պարոնեանի երգիծական իրերայաջորդ գործերուն մէջ, որոնք լոյս տեսան «Թատրոն»ի յաջորդական թիւերով՝ «Կսմիթներ», «Ազգային Ջոջեր» եւ այլ անուններով։

Ահա՛ անմոռանալի քանի մը նմուշներ՝ ազգային մեր իրականութեան մէջ աղայական պատիւներու արժանացող... անարժանները մերկացնելու Պարոնեանական սուր քննադատութենէն.

- Դժբախտաբար, մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. Ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կþելլեն:

- Մեծ անուանց ներքեւ յաճախ պզտիկ բաներ կը պահուին:

- Շատ անգամ ոչինչ չըսող խօսք մը նշանաւոր մարդու մը բերնէն ելած ըլլալուն համար իբրեւ պատգամ կþընդունուի. եւ շատ անգամ նշանաւոր խօսք մը աննշան մէկէ մը ըսուած ըլլալուն համար կարեւորութեան չþառնուիր:

- Ոսկեղէն դարուն մէջ կաթին քիչ մը ջուր կը խառնէին. տասնըիններորդ դարուն մէջ ջուրին քիչ մը կաթ կը խառնեն:

- Կար ժամանակ մը, ուր խաւարը լուսոյ դէմ կր կռուէր, տգիտութիւնը գիտութեան դէմ, անցեալն ապառնիին դէմ, հրամայականը սահմանականին դէմ, միսը բանջարեղէնի դէմ... Իսկ հիմա անցան այն ժամանակները. անոնք անցեալ են, մենք՝ ապառնին, անոնք խաւար են, մենք լոյս... անոնք միս են, մենք բանջարեղէն, անոնք վարունգ են, մենք՝ խնձոր...

1878-ին, նիւթական դժուարութեանց հետեւանքով, Պարոնեան դադրեցուց «Թատրոն»-ի հրատարակութիւնը, բայց շարունակեց մշակել երգիծական նոր գործեր, որոնք լոյս տեսան ատենի հայ մամուլի էջերուն կամ առանձին պրակներով։ Մինչեւ 1884 երկարած այդ շրջանի կարեւորագոյն գործերէն եղան «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» եւ «Ծիծաղ» գործերը, որոնք Պոլսոյ հայ կեանքի երգիծական քննադատութեան կողքին՝ քաղաքական բուռն խարանումի ենթարկեցին, այլաբանական պատկերներով, օսմանեան իշխանութեանց հակահայ քայլերն ու ճնշումները։ 1884-էն մինչեւ 1888, Պարոնեան ձեռնարկեց «Խիկար» երգիծաթերթի հրատարակութեան։ Համիտեան բռնակալութեան պայմաններուն մէջ, գրաքննութեան հետ ամէնօրեայ առճակատումէն խուսափելով, Պարոնեան իր երգիծանքին լուսարձակները կեդրոնացուց հայ կեանքի ընկերային յոռի բարքերուն, անհատական եւ ընտանեկան բարոյականի անկումին եւ ազգային առողջ բնազդներու խաթարման վրայ։ Անհամեմատօրէն բուռն եղաւ «Խիկար»ի սուր քննադատութեան արժանացած շրջանակներուն հակազդեցութիւնը։ Թէեւ ոչ մէկ ուժ կրնար լռութեան մատնել Պարոնեանի խայթող լեզուն, բայց նիւթական ճնշումներու տակ դարձեալ խափանուեցաւ Պարոնեանի հրապարակագրական գործունէութիւնը եւ այս անգամ այլեւս ընդմիշտ։ Նաեւ՝ նիւթապէս ծայր աստիճան անձկութեան մատնուեցաւ հայ երգիծական գրականութեան հիմնադիրն ու վարպետը։ Քայքայուեցաւ անոր առողջական վիճակը։ Բայց Պարոնեան շարունակեց նոր էջերով հարստացնել իր ժառանգութիւնը։

Հիւծախտը իր աւերը գործեց եւ, 1891-ի Յունիս 8ին, Հայ գրականութեան հանճարեղ երգիծագիրը առյաւէտ փակեց իր աչքերը՝ հայոց սերունդներուն ժառանգ ձգելով Պարոնեանական անկորնչելի, յաւերժ թարմաշունչ ճշմարտութիւններ։

Ընթերցողը միշտ պիտի կրկնէ Պարոնեանի հետ, թէ՝

- Երիտասարդութեան մէջ սիրելու համար կ'ապրինք, իսկ ծերութեան մէջ՝ ապրելու համար կը սիրենք:

- Երիտասարդ մը կարծելու չէ, որ հաճելի է, այլ կարծելու է, ինչ որ ճշմարտութիւն է, որպէսզի ուրիշները իր վրայ չխնդացնէ:

- Գիտուն ըլլալուն ամէնէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգիտութիւնն ճանչնալն է:

- Ցաւալի է, որ գիտունի գրչով լուծելիք խնդիրները դերձակի մկրատով կը կտրուին շատ անգամ:

- Գիտութիւնը ժամացոյցի կը նմանի. զայն բանեցնելու համար միշտ լարել է պէտք:

- Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճառող կատարեալ տգէտի մը ըսէ.- «Բարեկամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէդ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մէջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք. հրամեցէ՛ք սենեակէն դուրս»:

- Օրէնքները հաստատողները այրերն են, իսկ բարքեր հաստատողները կիներն են:

- Ո՜վ շողոքորթութիւն... ամէն տարիք կը սիրէ քեզ:

- Կեղծ բարեկամները արեւու ժամացոյցի կը նմանին. երբ օրը պայծառ է՝ կը տեսնուին, երբ ամպոտ է՝ չեն տեսնուիր:

- Պարզութիւնն ու ճշմարտութիւնը այնպիսի գեղեցկութիւններ են, որ ամէն բանի մէջ կը փնտռուին ամէն բանէ առաջ:

Աղբյուրը՝ «Ազատ օր» օրաթերթ

Նյութը պատրաստեց Ք. Ա.-ն